Սալբի Քելեշյան.Երբեմն լռութիւնը լաւագոյն պատասխանն է սխալ ենթադրութեան մը

Սալբի Քելեշյան.Երբեմն լռութիւնը լաւագոյն պատասխանն է սխալ ենթադրութեան մը
Երբեմն լռութիւնը լաւագոյն պատասխանն է սխալ ենթադրութեան մը։

Երբ սուտ վկաներ ամբաստանեցին Յիսուսը՝ երբ կը կենար հրեայ
կրօնական դատարանին առջեւ, « Յիսուս լուռ մնաց »
( Մարկոս 14:53-61)
Ինքզինք պաշտպանելը անիմաստ պիտի ըլլար։ Այդպէս ընելով, ԱՆ իրագործած եղաւ Եսայի Մարգարէութիւնը ( 53:7)
Սակայն, ԻՐ առաքելութեան առաջին շրջանին, Յիսուս հանդիմանեց Փարիսեցները, կոչ ընելով անոնց, որ փաստեն ԻՐ մեղաւոր ըլլալը ( Յավհ. 8:13-59 ):

Ոչինչ ըսելը սխալ գործողի մը դէմ, կը նշանակէ թոյլ տալ, որ ան իր սխալ եւ չար գործերուն մէջ շարունակէ մնալ։ Բայց երբ Սուրբ Հոգին մեզի կ՚առաջնորդէ լուռ մնալ, կամ եթէ պարզապէս կ՚ուզենք մեր վիրաւորուած արժանապատուութիւնը
փրկել, այն ատեն կրնանք լուռ անցնիլ։

Եթէ կը զգաս, թէ սխալ գործողներ պէտք է արդարութիւնը տեսնեն, խօսէ՛ ճշմարտութիւնը։

Լռութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ։
Լուռ կեցի՛ր մինչեւ այն ատեն, երբ կը զգաս թէ խօսիլը օգտակար է ։

ԶՀԱՑ ՄԵՐ ՀԱՆԱՊԱԶՈՐԴ

Սալբի Քելեշյանի ՖԲ էջից


Թողեք ձեր կարծիքը

օգտակար հղումներ